Նոր Սիս , Պուրճ Համուտ - Sis

Նոր Սիս , Պուրճ Համուտ - Sis Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Նոր Սիս , Պուրճ Համուտ - Sis, Energy Company, Sis, Beirut.

05/11/2024

2019-ի հոկտեմբերին սկսած Լիբանանի տագնապը նոր եւ վտանգաւոր դրսեւորումով կը ներկայանայ այսօր:

2024-ի Սեպտեմբեր ամիսէն ի վեր երկիրը անընդհատ ենթակայ է յարձակումներու եւ ամբողջապէս պատերազմական վիճակ կը տիրէ լիբանանի մէջ:

Հարաւային Լիբանանէն՝ Պէյրութ եւ իր հարաւային արուարձանները, Պեքաա, Պաալպէք եւ բազմաթիւ այլ տարածքներ բուռն ռմբակոծումներու կ՛ենթարկուին: Զոհերու թիւը ցարդ կը հասնի շուրջ 3,000-ի, վիրաւորներու թիւը՝ 13,000-ի: Ամբողջութեամբ քանդուած են բնակելի շէնքեր, այրուած՝ հողատարածքներ: Ներքին գաղթականներու թիւը անցած է 1,200,000-ը, ըստ պաշտօնական տուեալներու: Գաղթականները կ՚ապաստանին յարաբերաբար աւելի ապահով շրջաններ, Լիբանանի ամբողջ տարածքին, ներառեալ Պուրճ Համուտ, Այնճար եւ այլ հայաբնակ թաղամասեր: Հայ քաղաքացիներ եւ հայկական շրջաններ ցարդ պատերազմէն լուրջ վնաս չեն կրած:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մօտէն կը հետեւի երկրի կացութեան, քաղաքական, ռազմական եւ ընկերային հոլովոյթին. ազգային իշխանութիւններու, հայկական կուսակցութիւններու, ուղեկից միութիւններու թէ բարեսիրական հաստատութիւններու հետ գոյութիւն ունեցող մնայուն կապն ու գործակցութիւնը կը նպաստեն գաղութի անվտանգութեան պահպանման եւ այլապէս ցցուած դժուարութիւններու դիմաց լուծումներ գտնելու աշխատանքին:

Այսուհանդերձ, կացութիւնը կը շարունակէ մնալ խիստ մտահոգիչ, եթէ նկատի ունենանք անմիջական քաղաքական լուծումներու բացակայութիւնը: Այսինքն՝ կը դիմագրաւենք լուրջ տագնապ մը:

Անհրաժեշտ է ամրապնդել անվտանգութեան աշխատանքը:

Անհրաժեշտ է բաց պահել մեր կրթական հաստատութիւնները:

Անհրաժեշտ է հասնիլ կարիքաւորներուն, որոնց թիւը բնականաբար պիտի աւելնայ ժամանակի ընթացքին:

Մեր կազմակերպութիւնը, իր ակումբներով, գրասենեակներով եւ կառոյցներով, ուղեկից միութիւններով (ՀՕՄ-ԼՕԽ, ՀՄԸՄ եւ Համազգային) աշխուժ աշխատանք տանելով հանդերձ, իր կարելիութիւններու նուազագոյն աստիճանին հասած ըլլալով, գոյատեւելու լուրջ խնդիր ունի:

Ժողովուրդը ընկերային եւ տնտեսական ծանրագոյն պայմաններու մէջ է: Գործատուներն ու առեւտրական հաստատութիւնները փակուած են կամ փակուելու վտանգ կը դիմագրաւեն: Գործազրկութիւնը աճած է, ապրանքներու գիները անհամեմատ սղած են, բնակարաններու վարձքերը՝ բարձրացած, կենցաղային դրութիւնը գաղթականներուն պատճառով՝ բարդացած:

Ի տես այս վիճակին, անհրաժեշտ է ոտքի մնալ: Միասնաբար պարտինք զօրակցիլ մեր կառոյցներու գոյատեւման, առանց որոնց Լիբանանի հայութիւնը լրջօրէն կը վտանգուի:

Աւելորդ է անգամ մը եւս կրկնել ընդհանրապէս Միջին արեւելեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի գաղութներու համահայկական կարեւորութիւնը: Հետեւաբար ներկայ դժնդակ պայմաններու մէջ լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելը բոլորիս պարտքը պէտք է համարել:

Այս նպատակով մեր կարգ մը շրջաններուն մէջ արդէն իսկ սկսած է հանգանակութիւն. հանգանակութիւն շուտով կը սկսի նաեւ այլ շրջաններու մէջ։ Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդին, այս նոր ճգնաժամի պահուն, գործօն մասնակցութեամբ զօրավիգ կանգնելու լիբանանահայութեան։

09/10/2024

الأمين العام لحزب “الطاشناق” ورئيس كتلة نوّاب الأرمن النائب هاغوب بقرادونيان
وفي سياق الإجابة على سؤال ل" المدى" عن كيفية قيام حزب “الطاشناق” بمساعدة نازحي الداخل أجاب: “منذ اليوم الاول، وحتى قبل وقوع الحرب، كنا نستعدّ في مناطق تواجدنا، من البقاع الى المتن الى مناطق أخرى، لادراكنا بأنّ اسرائيل ستكثّف هجماتها واعتداءاتها وأعمالها التدميرية لإفراغ الجنوب من أبنائه وتحويله والضاحية أرضاً محروقة لايقاع لبنان في مشاكل جديدة، والاستفادة من النزوح لزرع بذور الفتنة الداخلية. فساندنا ولا نزال اخواننا النازحين، وبعيدًا من عدسات الكاميرا، إذ إن مساندتهم واجب وطني حسب امكاناتنا المتواضعة، عبر ايوائهم وتقديم المساعدات لهم، والايعاز الى كل الجمعيات الخيرية والمستوصفات ببذل الجهود قدر المستطاع للمساعدة استشفائيًا وطبيًا وتأمين الادوية. وأتحدث هنا عن بلدة عنجر مثلاً، وبرج حمود والمناطق الساحلية القريبة منها علمًا أن هناك نحو 10 آلاف نازح في منطقة برج حمود على مساحة كيلومترين مربع، وقد نجحنا بعون الجمعيات والاحزاب الارمنية وأصدقائنا الارمن في الخارج والمراجع الدينية في الطائفة.
للاطلاع على المقالة كاملة انقر الرابط:
https://www.almada.org?p=580723

29/09/2024

بيان صادر عن اللجنة المركزية لحزب الطاشناق في لبنان

20/09/2024
17/09/2024

Արցախի Հանրապետութեան ստեղծման առաջին օրէն անոր մեծագոյն իրագործումը եղաւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով սեփական պետական կառոյցներու ստեղծումը եւ իշխանութիւններու հերթափոխութիւնը: 10 դեկտեմբեր 1991-ին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէէն անմիջապէս ետք՝ 28 դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցան հանրապետութեան պետական իշխանութեան բարձրագոյն մարմինի՝ Արցախի Հանրապետութեան առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդի ժողովրդական պատգամաւորներու ընտրութիւնները: 91 աթոռներէ բաղկացած այս առաջին Գերագոյն խորհուրդին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛ունենայ մեծագոյն խմբակցութիւնը՝ 35 հոգիէ բաղկացած: Իբրեւ Գերագոյն խորհուրդին մէջ մեծագոյն քաղաքական ուժի թեկնածու, խորհուրդի առաջին նախագահ կ՛ընտրուի դաշնակցական Արթուր Մկրտչեան: Արցախի Հանրապետութիւնը իր ստեղծումէն ետք առաջին ժամանակաշրջանին ճամբայ ելաւ իբրեւ խորհրդարանական համակարգով կառավարուող հանրապետութիւն, հետեւաբար Գերագոյն խորհուրդը ինքն էր, որ կ՛որոշէր ամէն ինչ: Արթուր Մկրտչեանի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը եղաւ բաւական փոթորկոտ, նախ պարտադրուած պատերազմին եւ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման մարտահրաւէրները դիմակայելու տեսակէտէն, երկրորդ՝ ներքին քաղաքական տարակարծութիւններն ու Հայաստանի օրուան ՀՀՇ-ական իշխանութիւններուն միջամտութիւնները դիմագրաւելու առումով: Իր պաշտօնավարման ժամանակաշրջանին ազատագրուեցան մայրաքաղաք Ստեփանակերտը օղակող Մալիպէյլի, Կրկժան եւ Խոջալու (Իւանեան) շրջանները, ինչպէս նաեւ Հատրութի կարգ մը շրջաններ: Ան չհասաւ տեսնել Շուշիի ազատագրումը, թէեւ եղաւ ռազմական գործողութիւններու ծրագիրի մշակման գործուն մասնակից: Արթուր Մկրտչեան Արցախի Հանրապետութիւնը ղեկավարեց ընդամէնը 97 օր: Անոր կեանքի թելը անբացատրելի հանգամանքներու մէջ կտրուեցաւ 14 ապրիլ 1992-ին: Արցախի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատարի հանգամանքով Արթուր Մկրտչեանի գործը շարունակեց դաշնակցական գործիչ Գէորգի Պետրոսեան, որուն պաշտօնավարման օրով Շուշին ազատագրուեցաւ: Այսպիսով, ՀՅԴ-ն իր մնայուն տեղը ապահովեց Արցախի Հանրապետութեան պետականակերտման ակունքներուն մէջ: Հետագայ տասնամեակներուն ալ ՀՅԴ-ն չզլացաւ որեւէ ճիգ ամրապնդելու պետականութեան խարիսխները Արցախի մէջ:

#ԱննահանջՊայքարՎերականգնելուՀայապատկանԱրցախը
#ԱրցախիԷջըՓակուածՉէ

14/09/2024
04/09/2024

Ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպած է արեան տուչութեան արշաւ մը հինգշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2։00, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ։
Մեր կոչն ու փափաքն է իւրաքանչիւր հայորդիէ, որ իր մասնակցութիւնը բերէ այս արշաւին, աւելի արագ եւ դիւրին ձեւով հասնելու իրարու ու կեանք մը փրկելու։

02/09/2024

Արցախեան ազգային ազատագրական շարժումը սկսաւ 12 փետրուար 1988-ին: Այդ օրը Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի (ԼՂԻՄ) Հատրութի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ բազմամարդ հանրահաւաք՝ ԼՂԻՄ-ի խորհրդային Հայաստանին միացման պահանջով: Սոյն հանրահաւաքի հիմնական կազմակերպիչներէն մէկ էր աւելի ուշ Արցախի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ ընտրուած դաշնակցական Արթուր Մկրտչեան: 18 փետրուարին աւելի մեծ հանրահաւաք տեղի ունեցաւ ինքնավար մարզի կեդրոն Ստեփանակերտի մէջ: 20 փետրուարին տեղի ունեցաւ ԼՂԻՄ-ի ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդի արտահերթ նստաշրջանը, որուն ընթացքին որոշում տրուեցաւ դիմել Ազրպէյճանի Գերագոյն խորհուրդին՝ վերջինիս կազմէն դուրս գալու պահանջով, դիմել Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին՝ անոր միանալու խնդրանքով, իսկ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին՝ այդ խնդրանքը բաւարարերու կոչով: Նոյն օրը Երեւանի մէջ հարիւր հազարաւոր հայորդիներ արձագանգ հանդիսացան Ստեփանակերտի պահանջին: Ազդարարուած էր նորագոյն հայոց պատմութեան համազգային զարթօնքի մեկնարկը…

#ԱննահանջՊայքարՎերականգնելուՀայապատկանԱրցախը
#ԱրցախիԷջըՓակուածՉէ

Address

Sis
Beirut
SISSTREET

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Նոր Սիս , Պուրճ Համուտ - Sis posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Share

Category